2014-07-18 09:28:42

Ռայի Պատրիարք`''Լիբանանցիները կոչուած են պաշտպանելու իրենց պատմութիւնը կրող լիբանանեան հողերը''։


Սրբուհի Մարինայի տօնին առիթով` մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը 17 յուլիսին Քաննուպինի հովիտին մէջ գտնուող մատուռի մը մէջ մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ լիբանանցիները կոչուած են պաշտպանելու իրենց պատմութիւնը կրող լիբանանեան հողերը:
«Մենք պէտք է ամէն ինչէ առաջ պահպանենք լիբանանեան հողին մէջ մեր արմատները խրած պահելու յատկանիշը եւ պահպանենք լիբանանեան հայրենիքը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի, Միջին Արեւելքի, Սուրբ հողերուն, Իրաքի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ արաբական աշխարհին մէջ քրիստոնէական մեր գոյութիւնը», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:
Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ այսօր Արեւելքի մէջ կը տիրէ պատերազմի, ոճիրի եւ քանդումի լեզուն` աւելցնելով, որ իրենց լեզուն խաղաղութեան եւ կենաց լեզուն է:
Պատարագէն ետք Ռայի պատրիարքը ստուգեց Քաննուպինի վանքը եւ բարձր գնահատեց Քաննուպինի բնակիչներուն կողմէ այդ հողերուն վրայ մնալու կամքը







All the contents on this site are copyrighted ©.